Country Flag
Facebook logo Instagram logo
am
ru en
11 / Հուլիս / 2020 : 09-59

Թուրքիա իր ներկայ քայլով կու գայ անգամ մը եւս հաստատելու, թէ Արեւմուտքին եւ քրիստոնեայ համայնքներուն բացուելու իր ցոյց տուած նշանները կեղծ էին. Արամ Ա
 

Քիչ առաջ համացանցի ճամբով իմացանք, թէ թրքական դատարանը որոշած է Կոստանդնուպոլսոյ յունաց Այա Սոֆիա պատմական Մայր Տաճարը վերածել մզկիթի։

 
Արդարեւ, 537 թուականին կառուցուած այս տաճարը բիւզանդական ճարտարապետական արուեստի գագաթը կը նկատուի։ Բիւզանդական կայսրութեան անկումով եւ Օսմանեան կայսրութեան գրաւումով, 1453-ին տաճարը վերածուած էր մզկիթի եւ ապա, 1935-ին՝ թանգարանի։

Անցնող օրերուն, եկեղեցիներու պետեր եւ ընդհանրապէս միջազգային շրջանակներ կոչ ուղղեցին Թուրքիոյ չդիմելու Այա Սոֆիան վերստին մզկիթի վերածելու քայլին եւ պահելու անոր ներկայ կարգավիճակը։ Հայ թէ օտար մամլոյ ներկայացուցիչներ ուզեցին Մեր տեսակէտը ունենալ այս մասին։ Մենք չուզեցինք կարծիք յայտնել՝ նախատեսելով թրքական դատարանին առնելիք որոշումին բնոյթը։ Կ՚ուզենք հետեւեալ ընդգծումները կատարել.-

Առաջին, Թուրքիան իր նախագահին ներկայ նախաձեռնութեան ճամբով, հոգեւոր ու մշակութային արժէքներ ոտնահարելու, միջազգային օրէնքով ճշդուած սկզբունքներ անտեսելու եւ պատմութիւնը նենգափոխելու իր վարքագիծը փաստօրէն կը շարունակէ։

Երկրորդ, մեկնելով ներկայի եւ ապագայի իր ներքին թէ արտաքին շահերէն, ինչպէս նաեւ աշխարհաքաղաքական նպատակներէն, Թուրքիան նոյնիսկ կ՚անտեսէ իր հին թէ նոր բարեկամներու թելադրութիւնը։

Երրորդ, Թուրքիա իր այս որոշումով գիտակցօրէն կը հարուածէ քրիստոնեայ-իսլամ փոխադարձ յարգանքի ու վստահութեան վրայ հիմնուած համակեցութիւնը՝ տեղական, շրջանային ու միջազգային մակարդակներու վրայ, հակառակ այս գծով կատարուած զգուշացումներուն։

 
Չորրորդ, Թուրքիա իր ներկայ քայլով կու գայ անգամ մը եւս հաստատելու, թէ Արեւմուտքին եւ քրիստոնեայ համայնքներուն բացուելու իր ցոյց տուած նշանները կեղծ էին։

Հինգերորդ, ո՞ւր էին արեւմտեան աշխարհի ղեկավարները, քաղաքական թէ հոգեւոր, երբ հայոց ցեղասպանութենէն ետք հայ ժողովուրդին պատկանող հազարաւոր եկեղեցիներ ախոռներու, սրճարաններու, մզկիթներու եւ այլ հանրային վայրերու վերածուեցան...։

Այո՛, ցեղասպանութիւնը ա՛յլապէս կը շարունակուի նո՛յն ցեղասպանին կողմէ, աշխարհի լռութեան դիմաց։ Օսմանեան կայսրութեան այլամերժ գաղափարախօսութիւնը ա՛յլապէս կը թափանցէ ամէն տեղ՝ արաբական աշխարհէն սկսեալ մինչեւ արեւմտեան երկիրներ, աշխարհի լռութեան դիմաց։

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Դիտվել է 6385անգամ
Վերջին լուրեր