01 / Հոկտեմբեր / 2020 : 16-27

«Տիգոն, Տիգոն չկայ, զոհուել է...»

ՑՏԵՍՈՒԹԻՒՆ, ՏԻԳՐԱ՛Ն, ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ԼՈՒՐԸ ՏԱՐ ՆԱՀԱՏԱԿ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒԴ

Հեռաձայնողը Յուսիկն էր, «Թուֆէնքեան» հիմնադրամի Արցախի Ծրագիրներու ղեկավարը: Զանգեց այսօր, դեռ կէսօր չեղած: Ձայնը ցածր էր, անլսելի, յայնտապէս յուզուած էր եւ հազիւ կը զսպէր իր զգացումները: Ձայնը կը խեղդուէր կոկորդին մէջ: «Ի՞նչ կայ, Յուսիկ», ըսի անհամբեր, բայց միաժամանակ չուզեցի լսել պատասխանը: Հասկցայ, որ լաւ բան չունի փոխանցելիք...

«Տիգոն, Տիգոն չկայ, զոհուել է...»:

Տիգրանը Արցախի մեր գրասենակի ամենաերիտասարդ պաշտօնեան է, տնօրէնի օգնական, որ երեքուկէս տարի առաջ միացած էր մեր խումբին եւ դարձած մեր սիրելի գործընկերը: Միշտ պատրաստ օգնելու, միշտ ժպիտով, միշտ հոգատար:

Ամուսնացած էր եւ երկու տղայ զաւակ ունէր եւ ամէն անգամ, երբ գործով կ'այցելէինք ազատագրուած տարածքներ՝ հետեւելու մեր ծրագիրներու ընթացքին, եւ յոգնած Ստեփանակերտ կը վերադառնայինք, Տիգրան կը մոռնար յոգնութիւնը, նոր ուժ կու գար վրան, որովհետեւ երբեմն մէկ, երբեմն երկու օր տեւող բացակայութենէ ետք պիտի վերադառնար տուն եւ գրկէր իր երկու հրաշք բալիկները...

Հիմա չկայ Տիգրանը, ան այլեւս մեր հետ ազատագրուած Քաշաթաղի շրջանները պիտի չայցելէ, պիտի չհետեւի ազատագրուած հողերու վրայ նուռի եւ ադամաթուզի այգիներու խնամքին, պիտի չկարենայ Արաքսի ափ տանիլ մեր հիւրերուն, պիտի չկարենայ սուրիահայ հայրենադարձի մը համար նորոգուող տան աշխատանքներուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցել մեզի:

Իսկ ամէնէն սարսափելին, անոր երկու երեխաները այլեւս պիտի չունենան հայրիկ, որ երեկոյան աշխատանքէն վերադառնայ եւ ուժեղ բազուկներով գրկէ զիրենք, ու սեղմէ իր կուրծքին...

Զօրակոչի առաջին արձագանգնողներէն էր, արդէն քանիերորդ անգամ ըլլալով: Ծառայած էր բանակին մէջ, Ապրիլեան պատերազմին դարձեալ դիրքերու վրայ էր, եւ հիմա...

Ցտեսութիւն, Տիգրան: Գնա եւ նահատակ ընկերներուդ փոխանցէ մեր յաղաթանակի լուրը: Գնա եւ միացիր անմահներու բանակին: Իսկ մենք այստեղ ինչպէ՞ս սփոփենք ընտանիքդ, ինչպէ՞ս մեղմացնենք ցաւը... Մխիթարանքի ի՞նչ խօսքեր ըսենք ծնողքիդ, կնոջդ, տղաներուդ...

Դիտվել է 733320անգամ
Վերջին լուրեր