Country Flag
Facebook logo Instagram logo
am
ru en
16 / Ապրիլ / 2021 : 16-43
«­Մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը ի­րա­ւունք չու­նին լուռ մնա­լու ­Միջ­նա­դա­րը յի­շեց­նող ա­րարք­նե­րու դի­մաց, ո­րոնք ա­մօթ կը պատ­ճա­ռեն մարդ­կու­թեան»։
Նի­քոս Անտ­րու­լա­քի­ս
Եւրոպական խորհր­դա­րա­նի հույն պատ­գա­մա­վոր

Հունաստանում լույս տեսնող «Ազատ Օր» օրաթերթի անդրադարձը Եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նի հույն պատ­գա­մա­վոր ­Նի­քոս Անտ­րու­լա­քի­սի՝ իր դիմատետրի էջին Բաքվի մեջ «ա­մո­թի պու­րա­կ»ի բացման առն­չու­թեամբ գրառման եւ ազերի դեսպանի «հարձակման» շուրջ՝ ստորեւ.

Ա­զե­րի դես­պա­նի ջղագր­գիռ «յար­ձա­կու­մը» յոյն եւ­րոե­րես­փո­խա­նին

­Յու­նաս­տա­նի մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պան Ա­նար ­Հիւ­սէյ­նով ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րէն ջղագր­գիռ յար­ձա­կում մը ը­րաւ Եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նի յոյն պատ­գա­մա­ւոր ­Նի­քոս Անտ­րու­լա­քի­սի դէմ, ­Պա­քո­ւի մէջ բա­ցո­ւած՝ զո­հո­ւած հայ զի­նո­ւոր­նե­րու սա­ղա­ւարտ­նե­րուն եւ հայ­կա­կան զրա­հա­մե­քե­նա­նե­րու որ­պէս ա­ւար վեր­ցո­ւած «ա­մօ­թի» պու­րա­կին առն­չու­թեամբ։ Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նը փոր­ձեց հա­կազ­դել յոյն ե­րես­փո­խա­նի կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թեան, ո­րով վեր­ջի­նը կը դա­տա­պար­տէր Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիէ­ւի այ­ցե­լու­թիւ­նը այ­գին, յայտ­նե­լով թէ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քը պէտք չէ լուռ մնայ ­Միջ­նա­դա­րը յի­շեց­նող Ատր­պէյ­ճա­նի ա­մօ­թա­լի քայ­լե­րուն դի­մաց։ Ան­շուշտ, ա­զե­րի դես­պա­նի «յար­ձա­կու­մը» ան­պա­տաս­խան չմնաց յոյն ե­րես­փո­խա­նէն։­Նի­քոս Անտ­րու­լա­քի­սի ա­ռա­ջին գրա­ռու­մը­Դի­մա­տետ­րի իր է­ջին վրայ Եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նի ե­րես­փո­խան ­Նի­քոս Անտ­րու­լա­քիս նշած էր. «Այ­սօր, Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիէւ «­Ռազ­մա­կան ա­ւար­նե­րու պու­րա­կի» բա­ցու­մը կա­տա­րեց։ Այն բար­բա­րո­սու­թեան յու­շար­ձան մըն է, որ կը ցու­ցադ­րէ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի վեր­ջին պա­տե­րազ­մէն «ա­ւար» առ­նո­ւած զի­նո­ւոր­նե­րու սա­ղա­ւարտ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ մո­մէ շի­նո­ւած հայ նա­հա­տակ զի­նո­ւոր­նե­րու նմուշ­ներ, վայ­րա­գօ­րէն ա­նար­գե­լով ա­նոնց յի­շա­տա­կը։­Մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը ի­րա­ւունք չու­նին լուռ մնա­լու ­Միջ­նա­դա­րը յի­շեց­նող ա­րարք­նե­րու դի­մաց, ո­րոնք ա­մօթ կը պատ­ճա­ռեն մարդ­կու­թեան։Ա­զե­րի դես­պա­նի հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը­Յու­նաս­տա­նի մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պան Ա­նար ­Հիւ­սէյ­նով ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու մէջ պա­հած իր է­ջին վրայ գրեց հե­տե­ւեա­լը. «­Պա­րոն ­Նի­քոս Անտ­րու­լա­քի­սի նա­խա­պա­շա­րո­ւած կե­ցո­ւած­քը Ատր­պէյ­ճա­նի դէմ ծա­նօթ է եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր։ ­Մա­սամբ, այս նա­խա­պա­շա­րում­նե­րը ան կը պատ­կե­րաց­նէ իր ու­ղեր­ձին մէջ։ Եւ­րոե­րես­փո­խա­նը նշում ը­րաւ հայ զի­նո­ւոր­նե­րու սա­ղա­ւարտ­նե­րուն եւ ա­նոնց մո­մէ կեր­պա­նե­րուն մա­սին, սա­կայն դժբախ­տա­բար մոռ­ցաւ գրե­թէ 20 հա­զար ատր­պէյ­ճան­ցի զի­նո­ւոր­նե­րը, ո­րոնք մա­հա­ցան եր­կու պա­տե­րազ­մե­րու (Ար­ցա­խի – Խմբ.) ըն­թաց­քին, ինչ­պէս նաեւ մէկ մի­լիոն գաղ­թա­կան­նե­րը եւ ներ­քին տար­հա­նո­ւած­նե­րը։ ­Յու­նաս­տան կը շա­րու­նա­կէ մնալ մի­ջազ­գա­յին ար­դա­րու­թեան եւ Մ.Ա.Կ.ի հա­մա­պա­տաս­խան բա­նա­ձե­ւե­րու ջա­տա­գո­վը»։­Յոյն ե­րես­փո­խա­նը կը հա­կա­դար­ձէԱն­մի­ջա­կան ե­ղաւ ­Նի­քոս Անտ­րու­լա­քի­սի պա­տաս­խա­նը Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նին, որ ­Դի­մա­տետ­րի վրայ իր նոր գրա­ռու­մով նշեց հետե­ւեալ­նե­րը. «Իս­կա­պէս, չեմ կրնար ընբռ­նել պ. դես­պա­նի գրա­ռու­մին ի­մաս­տը։ ­Հա­ւա­նա­բար, ան նա­խա­պա­շա­րում կը հա­մա­րէ, թէ ան­ցեալ ա­մառ, պա­տե­րազ­մի բռնկու­մէն ա­միս­ներ ա­ռաջ, Եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նի այլ ե­րես­փո­խան­նե­րու հետ միասին պա­հան­ջե­ցինք ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի խա­ղաղ լու­ծու­մը, յե­նո­ւած հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան սկզբունք­նե­րուն վրայ, ա­ռանց բռնու­թեան, հա­ւա­սար ի­րա­ւունք­նե­րու ու սե­փա­կան կար­գով ապ­րե­լու հի­մե­րուն վրայ։ Այն ժա­մա­նակ ալ դես­պա­նը խան­գա­րո­ւած զգաց։ Ան նա­խապա­շա­րում կը սե­պէ բար­բա­րո­սու­թեան ա­րարք­նե­րու դա­տա­պար­տու­մը՝ հա­մա­ձայն Եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նի ար­ժէք­նե­րուն, ո­րոնք վայ­րագ կեր­պով ոտ­նա­կոխ կը դառ­նան «­Ռազ­մա­կան ա­ւար­նե­րու պու­րա­կի» հաս­տա­տու­մով ­Պա­քո­ւի մէջ։ ­Նա­հա­տակ­նե­րուն հան­դէպ յար­գան­քի եւ յի­շո­ղու­թեան պա­կա­սը դա­տա­պար­տե­լի եւ վար­կա­բե­կիչ ա­րարք մըն է, երբ այն կը գոր­ծո­ւի ո­րե­ւէ կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ աշ­խար­հի վրայ»։Ն­շենք, որ յու­նա­կան մա­մու­լը բա­ւա­կան անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց յոյն ե­րես­փո­խա­նին եւ ա­զե­րի դես­պա­նին մի­ջեւ ե­ղած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն, դա­տա­պար­տե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ «ա­մօ­թի պու­րա­կի» ստեղ­ծու­մը ­Պա­քո­ւի մէջ։
«Ազատ Օր» (Հունաստան)
15 Ապրիլ 2021
Դիտվել է 12928անգամ
Վերջին լուրեր