09 / Նոյեմբեր / 2021 : 04-03
Աթենքում՝ բողոքի հավաք և քայլարշավ դեպի թուրքական դեսպանատուն։
Արցախի եւ համայն հայության իրավունքների պաշտպանության, հայրենիքի և սփյուռքի միասնականության, համախմբվածության շեշտադրումով՝ Արցախի պատերազմից մեկ տարի անց ՀՅԴ Հունաստանի Հայ դատի հանձնախումբի և ՀՅԴ Երիտասարդական Միության կազմակերպությամբ, նոյեմբերի 7-ին տեղի ունեցավ բողոքի հավաք և քայլարշավ դեպի Աթենքի թուրքական դեսպանատուն։
Երեկոյի ավարտին խորհրդանշական հարգանքի տուրք՝ Արցախի 40օրյա պատերազմում անմահացած հերոսներին ի հիշատակ։
Հունաստանի «Ազատ Օր» օրաթերթի անդրադարձը՝ ստորեւ։
Հ.Յ.Դ. ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԵՒ Հ.Յ.Դ. ԵՐԻՏ. ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ
Բողոքի հաւաք եւ քայլարշաւ դէպի թրքական դեսպանատուն
Արցախի վրայ սանձազերծուած 44-օրեայ պատերազմի հրադադարի տարելիցը ընդվզումի մեծ ալիք մը բարձրացուցած է ամբողջ հայութեան մէջ, որ արդէն իսկ այս օրերուն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ, հայագաղութներուն մէջ կ՚արտայայտուի բողոքի հաւաքներով ընդդէմ թուրք-ատրպէյճանական շարունակուող յարձակողականութեան։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան համակազմակերպութեամբ, յունահայութիւնը իր բողոքը արտայայտեց Կիրակի՝ 7 Նոյեմբեր 2021-ի երեկոյեան, Յունաստանի խորհրդարանին առջեւ գտնուող Աթէնքի կեդրոնական Սինտաղմա հրապարակին վրայ։
Արդէն, օրեր առաջ Հ.Յ.Դ. Երիտ. Միութեան Կեդր. վարչութեան նախաձեռնութեամբ, տեղեկատուական յատուկ կրպակ մը կանգնած էր հրապարակի կեդրոնը, որուն շուրջ մէկտեղուեցաւ Աթէնքի հայութիւնը եւ ճամբայ ելաւ դէպի թրքական դեսպանատուն։
Կանուխէն, հոն հասած էին Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական եւ Պատանեկան միութեան անդամները, որոնք Արցախի զօրակցութեան լոզունքով յատուկ շապիկներ հագած, իւրայատուկ պատկեր մը կը ներկայացնէին։ Հարիւրաւոր հայրենակիցներ արդէն բոլորուած էին կրպակին շուրջ, ուրկէ հայկական երգերով եւ տեղեկատուական խօսքերով մեր երիտասարդները իրազեկ կը դարձնէին անցնող հասարակութիւնը։
Նախքան քայլարշաւի մեկնարկը, հրապարակին վրայ գործադրուեցաւ յատուկ յայտագիր մը։ Ներկայ էին Յունաստանի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ պ. Թագւոր Յովակիմեան եւ անդամները, միութիւններու ներկայացուցիչները, կոմիտէներու կազմերը եւ բազմաթիւ երիտասարդութիւն։ Ներկայ էին նաեւ Յունաստանի Համապոնտական միութեան նախագահ Եորղոս Վարիթիմիասիս եւ Պոնտական երիտատարդական միութեան ներկայացուցիչը։
Յայտագիրի սկիզբը, Պատանեկան միութեան 44 անդամներ, խորհրդանշելով պատերազմի 44 դառն օրերը, կանգնեցան հրապարակի աստիճաններուն վրայ, իրենց ձեռքերուն մէջ բռնած ըլլալով Արցախի դրօշը, իսկ անոնց բերանները կապուած էին լռութեան նշաններով՝ լուռ բողոքի յատկանշական եւ միաժամանակ յուզիչ պատկերը տալով։
Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբի եւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան կողմէ յաջորդաբար խօսեցան ընկերներ Յարութիւն Սպարթալեան եւ Արմէն Աճէմեան։ Երկու խօսողներն ալ անդրադարձան թուրք եւ ազերի, ու անոնց վարձկաններու, յարձակողականութեան եւ պատերազմի դառն հետեւանքներուն։ Երկու ընկերներու խօսքերը պիտի հրատարակուին առանձնաբար։
Խօսքերու աւարտին, պատասխանատուներու ազդանշանին հետեւելով, համախմբուած ժողովուրդը ճամբայ ելաւ դէպի թրքական դեսպանատուն։
Ժողովրդային մեծ շարքին սկիզբը կը քալէին 44 պատանիները՝ Արցախի դրօշը իրենց ձեռքին ու կը յաջորդէին Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան անդամները պաստառներով եւ հայկական դրօշակներով։ Անոնց ետեւը տպաւորիչ էր ժողովուրդի ներկայութիւնը, որ կը հետեւէր նաեւ բարձրախօսներէն արտասանուած խօսքերուն, որոնք քայլարշաւի ամբողջ տեւողութեան կը լսուէին եւ անցորդները տեղեակ կը պահէին։ Պէտք է նշել նաեւ, որ ոստիկանական ուժերու ներկայութիւնը զգալի էր, մինչ ժողովուրդը խաղաղ, սակայն լուռ ցասումով քալեց օրինաւորութեամբ եւ յարգանքով՝ ընդվզումի ալիքին ընդմէջէն իր անթիւ նահատակներու յիշատակը յարգելով։
Ժողովրդային երթը կանգ առաւ թրքական դեսպանատունէն որոշ հեռաւորութեան վրայ՝ Ռիղիլիս հրապարակին առջեւ, մինչ ոստիկանական զրահապատ ինքնաշարժները փակած էին ճամբան դէպի դեսպանատուն։
Տեղւոյն վրայ, Պատանեկան եւ Երիտասարդական միաւորներու անդամները շարուեցան ժողովուրդին առջեւ եւ իրենց դրօշակներով ստեղծեցին հայկական գոյներու տպաւորիչ պատ մը։ Հոն էր, որ ի նշան բողոքի եւ բուռն ընդվզումի, մեր պատանիները իրենց բերաններէն քաշեցին լռութեան նշանները, ցոյց տալով պայքարի պատրաստակամութիւնը թրքական դեսպանատան դիմաց։
Համախմբուած ժողովուրդը ունկնդրեց Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբի մամլոյ յայտարարութիւնը, որ անմիջապէս յետոյ պիտի ղրկուէր յունական եւ օտար մամուլին։
Հաւաքի աւարտէն առաջ, տեղի ունեցաւ յատուկ մոմավառութիւն։ Հ.Յ.Դ Պատանեկան միութեան 44 անդամները իրենց ձեռքերուն մէջ ունէին սպիտակ օդապարիկներ, որոնց մէջ վառած էին յատուկ ճրագներ։ Մէկ անգամէն, բոլոր օդապարիկները երկինք բարձրացան, երեկոյեան մութին մէջ ստեղծելով տպաւորիչ պատկեր մը։ Մեր զոհուած քաջամարտիկներու լուսաւորուած հոգին էր, որ խորհրդանշական կերպով այդ պահուն կը խոյանար դէպի վեր, մինչ ժողովուրդը յուզուած կը դիտէր անոնց վերելքը։
Եւ ի՜նչ զուգադիպութիւն. թեթեւ փչող հովը բոլոր օդապարիկները տարաւ դէպի թրքական դեսպանատուն, յիշեցնելու համար ջարդարար պետութեան ներկայացուցիչներուն, թէ հայու աննկուն ոգին պիտի շարունակէ պայքարիլ Հայաստանի ու Արցախի գոյատեւման համար։
Ժողովրդային բողոքի հաւաքը թրքական դեսպանատան առջեւ վերջ գտաւ ներկաներուն կողմէ միաբերան երգուած հայկական եւ յունական ոգերգներով։ Նշենք, որ մեծ թիւով յունական եւ օտար լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներ հետեւեցան բողոքի ցոյցին եւ նկահարանումներով սփռեցին ելոյթի ընթացքը։ Հ.Յ.Դ. Հայ դատի եւ Երիտ. Միութեան ներկայացուցիչները տեղեկատուական հարցազրոյցներ տուին ներկայ եղող միջոցներուն։
Հ.Յ.Դ. ԵՐԻՏ. ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԿՐՊԱԿԸ
Արցախի 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին եւ հետեւանքներուն մասին յոյն ժողովուրդը իրազեկելու նպատակով, 6-8 Նոյեմբերին, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտ. միութիւնը յատուկ կրպակ մը զետեղած էր Սինտաղմայի հրապարակը, որուն մէջ եւ անոր շուրջը կանգնած էին յատուկ պաստառներ՝ պատկերներով, քարտէսներով եւ տեղեկատուական բաժիններով։ Բանուկ հրապարակին վրայէն անցնող յոյն եւ օտար քաղաքացիները մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին Արցախի վրայ շղթայազերծուած պատերազմին առնչութեամբ, միաժամանակ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդի արդար պայքարին։
«Ազատ Օր», Աթենք
8 Նոյեմբեր 2021