Բեյրութում հայուհի է սպանվել, կրակած անձը ինքնասպանություն է գործել (լուսանկար)
Պէյրութի մէջ ծանր ոճիր մը գրանցուած է, որուն զոհ գացած է հայուհի մը: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Էլ Նաշրա» կայքը։
Աղբիւրը կը նշէ, որ երիտասարդ մը կրակ բացած է Սատ Ալ Պաուշրիյէ շրջանին մէջ գտնուող վաճառատան աշխատկցողուհիի մը ուղղութեամբ ու տեղն ու տեղը սպաննած է զինք։
Կը նշուի նաեւ, որ դէպքէն ետք երիտասարդը կրակ բացած է իր գլխուն ուղղութեամբ եւ անձնասպան եղած։
«Արեւելք»ի Պէյրութի աղբիւրին համաձայն հայուհիին անուան սկզբնատառերն են ՝ Մ.Հ։
Աւելի ուշ լուրը տարածուած է ընկերային ցանցերու վրայ։
Իրաւապահ մարմիններ քննութիւն բացած են դէպքին վերաբերեալ եւ այլ տուեալներ չեն հաղորդուիր։
Արեւելք Լրատուական-ի լուսանկարը:" />
Լուսանկարը՝ «Պընթժպէյլ» կայքէն