16 / Մայիս / 2020 : 00-28

«Ուստի ընտանեկան կեանքին եւ տան շինութեան հիմնաքարերը կը համարուին հայր եւ մայր...» 

 

Ե. ՏՈՒՆ ԵՒ ԸՆՏԱՆԻՔ (հատված) 

ԽՐԻՄՅԱՆ ՀԱՅՐԻԿ 

 
Ինչպէս որ երկու պսակաւոր լծակիցներէն ամուսնական միութիւն կը կազմուի, այսպէս նաեւ նոյն զուգակից միութենէն կը ծնի եւ կ՚աճի ամբողջ ընտանիքը, որոյ նախածնող անդամներն են հայր եւ մայր. իսկ ծնեալ անդամներն են արու եւ էգ զաւակները քոյր, եղբայր. որք երբ ամուսնանան՝ փեսաներով, հարսներով եւ թոռներով կը յաւելուն ընտանեաց թիւը։

Ուստի ընտանեկան կեանքին եւ տան շինութեան հիմնաքարերը կը համարուին հայր եւ մայր։ Ո՞րչափ սքանչելի զարմանալի են ամուսնական պարտէզին մէջ այս երկու մանանեխի փոքրիկ հատիկները, որ ըստ Աւետարանի առակին՝ երթալով աճելով մեծ ծառ կը լինին եւ իրենց բազմապատիկ ճիւղերը կը համասփռեն բոլոր աշխարհը։ Վասնզի։ ամուսնական արմատէն ընտանիքը կը հաստատուի, ընտանիքէն ժողովուրդ, ժողովուրդէն այլ եւ այլ ազգերը, ազգերէն իշխանական պետութիւններըբ եւ պետութիւններէն ընդհանուր մարդկային համաշխարհական ընկերութիւն։ Յորմէ դիւրաւ կ՚իմաստասիրեմք թէ մեր ընկերական աշխարհին բովանդակ շէնքը ամուսնական եւ ընտանեկան պատուանդանին վրայ հաստատուած է. ժողովրդոց ոտքը եւ պետութեանց գահերը նորա վրայ դրուած են. եթէ քանդուի այս պատուանդանը՝ ժողովուրդը եւ գահերը ի միասին կը տապալին. այնուհետեւ ոչ եւս կայ, ոչ աշխարհ, ոչ ադամորդի, ոչ կեանք, եւ երկիր կը դառնայ նոյն առաջին վիճակը, «Երկիր աներեւոյթ եւ անպատրաստ»։

Ոչ ոք կարէ ժխտել թէ այս այսպէս չէ. աշխարհիս հին ազգաց պատմութեան, արդի ընկերական վիճակը՝ այս ընդհանուր ազգաց կեանքը ամէն կ՚ապացուցանեն թէ ոչ միայն մարդկային աճումն, այլեւ ժողովրդոց, ազգաց, հայրենեաց եւ թագաւորութեանց բախտը ընտանեկան կեանքէն կախումն ունի. թէեւ մեր ընկերական երջանկութեան եւ թշուառութեան մէջ կան արտաքին ուրիշ այլեւայլ պատճառներ, բայց իմաստուն խելամտութեամբ նկատելով աշխարհիս իրողութեանց սկիզբն, միջոց եւ վախճանը. կը տեսնամք որ աշխարհիս չարեաց ու բարեաց սկզբնածնունդ մայր ընտանիքն է։ Հապա ընտանեկան կենաց թէ չարութեան եւ թէ բարութեան պատճառ ո՞վ է. դորա պատճառն եւս շատ մօտ եւ յայտնի է. այսինքն ծնողք՝ հայր ու մայր, որոց հպատակութեան տակ կ՚ապրի ամբողջ ընտանեկան գերդաստանը։

Տուն եւ ընտանիք մի փոքրիկ թագաւորութեան երկիր ու սահման է. որոյ նահապետական աթոռին վերայ կը նստին ծնողք. հայր իբրեւ թագաւոր, եւ մայրն իբրեւ թագուհի. եւ կը կառավարեն հպատակ ընտանիքը։ Սոյն ընտանեկան պալատին ու թագաւորութեան մէջ, ոչ ոստիկան կայ, ոչ սուր, ոչ բռնութիւն, ոչ գաւազան այլ ամենուն տեղ հայրական սէր եւ մայրական գորովն է. դաստիարակ եւ խրատ՝ ծնողաց կենդանի օրինակն է։ Այս օրինակը այնչափ բարի ու տպաւորիչ է, որ գիտես թէ լուսարուեստին պէս թափանցիկ կերպով ծնողաց պատկերը նոյնատիպ կը հանէ իւր զաւակաց վերայ եւ զաւակները այդ սկզբնական տիպարն առնելով կը մտնեն ժողովուրդին եւ ընկերութեան մէջ։ Այնուհետեւ տարածել կ՚սկսի օրինակէ առ օրինակ, եւ այսպէս ընտանեկան կենաց բարի եւ չար օրինակներէն, ժողովուրդին կեանքը կը բարւոքի կամ կը զեղծանի, կը շինուի կամ գայթակղութեամբ կը փլչի. կենդանի կը մնայ աշխարհիս վերայ կամ կենդանւոյն կը մեռնի, եւ իւր յիշատակ կը բարձուի աշխարհէս։

Ժողովուրդը եւ ազգերը միայն հացով չեն ապրիր. թագաւորութեամբ եւ ազատութեամբ չեն բարձրանար, այլ առաւել բարոյական կեանքով. եւ այդ կենսական կեանք տուողը ընտանիքն է։ Ուշադիր եղիր, եւ ես նկարագրեմ քեզ։

Ժողովուրդը եթէ կը յառաջադիմէ՝ իւր առաջին քայլը ընտանեաց սրահէն կ՚առնու. եթէ կը լուսաւորի, իւր լոյսը ընտանեկան ճրագէն է. եթէ կը միանայ, իւր ոգին եւ կապն ընտանիքն է. եթէ կը զօրանայ իւր ուժ եւ բազուկն ընտանիքն է. եթէ կը հարստանայ, իւր գանձարան եւ գանձապետն ընտանիքն է. եթէ իւր տուն եւ սեղան բարելից եւ առատ է, արդիւնաբեր անդաստանը ընտանիքն է. եթէ դրախտի գետերը կը վազեն իւր հրապարակը՝ աղբիւրը դրախտի ընտանիքն է. եթէ իւր կարասները լի են գինւով՝ կը խմէ կ՚ուրախանայ, խաղողաբեր այգին ընտանիքն է. եթէ բարեծնունդ զաւակներով օր ըստ օրէ բիւրապատիկ կ՚աճի, իւր նախածնող խնամատար ընտանիքն է, եթէ իւր զաւակները բարեկիրթ քաղաքացի պատրաստել կ՚ուզէ, իւր բարեկրթութեան առաջին համալսարան ընտանիքն է. եթէ աշխարհիս վերայ երջանիկ ապրիլ կ՚ուզէ, թող հաւատայ, որ երջանկութեան կեանք բղխող աղբիւր ընտանիքն է. եթէ երկրէս յետոյ երկինք եւս ժառանգել կ՚ուզէ՝ պահելով իւր հայրենի կրօն, հաւատ եւ եկեղեցին, այո՛ այդ սուրբ աւանդները անեղծ անկորուստ պահելու խորանն ընտանիքն է։ Զի այդ գանձը եւ Աւետարանի անգիւտ մարգարիտը աշխարհիս շահավաճառութեան հրապարակին մէջ, կառավարութեանց դահլիճներու մէջ, գիտութեանց ճեմարանաց մէջ անկորուստ չեն պահուիր, այ միայն դորա հաւատարիմ աւանդապահ ընտանիքն է։

Տեսար, մտադիր ընթերցող, այս նկարագրին մէջ քեզ յանդիման երի. թէ ո եւ ի ցէ ժողովուրդ իւր բարոյական կենաց տիպարը ուղղակի ընտանիքէն կ՚առնու, եւ պարծանօք ցոյց կուտայ աշխարհի թէ ինքն բարեկիրթ ընտանեաց զաւակ եւ ժողովուրդ է։

Տեսնանք նաեւ սորա հակադիր պատկերը, եւ աւագ աչքով նկատենք. որ չարաբաստ ապերջանիկ ժողովուրդ իւր կեանքի զեղծումները դարձեալ նոյն ընտանեկան պատկերէն կ՚ընդօրինակէ եւ ի տես կը հանէ աշխարհի հրապարակը. եւ ահաւասիկ ցուցնեմ քեզ։

Ժողովուրդ եթէ կը զեղծանի՝ ներքին իւր զեղծանի՝ ներքին իւր զեղծման սկզբնաւորութիւնը ընտանիքէն է, եթէ բարոյական կենդանի կեանք չունի՝ մեռելութիւն ընտանիքէն է. եթէ դէպի կորուստ կը դիմէ, իր կորստեան ճամբայ բացող ընտանիքն է. եթէ ծունկեր կթոտ են, իւր քայլերը յառաջ չեն երթար, լքումըն ու կարողութիւն ընտանիքէն է, եթէ երկու ձեռքով կը հարստահարուի՝ մէկ ձեռքն ընտանիքէն է. եթէ արտաքին թշնամիներէն պաշարուելով ապշած է, իւր ներքին մերձաւոր ու բարեկամ թշնամի իւր տան ընտանիքն է, եթէ աշխարհիս կեանքի ճանապարհին մէջ ուղղութիւն չունի, յոռութիւն ընտանիքէն է. եթէ Եւրոպիոյ կախարդիչ նորասիրութիւնը զինքը պիտի կողոպտեն անխնայ, թող զգաստ լինի եւ տեսնայոր մեծ կողոպտիչ ձեռք իր ընտանիքն է. եթէ իր զաւակներ օր ըստ օրէ հացի կարօտ թշուառ կը լինեն, այդ քաջ յայտնի է որ ընտանեկան մշակները անաշխատ հեղդ եւ անհոգացող են, եթէ առանց տնտեսութեան, առանց նախատեսութեան կը վատնէ իւր վաստակ եւ գանձը, ո՞վ չի գիտեր թէ շռայլութեան տընտեսապետն ընտանիքն է. եթէ իւր զաւակները առոյգ ազնուածնունդ չեն, ուրեմն ընտանեկան սերունդն հիւծելով ստրկացած է. եթէ իւր օրիորդք եւ երիտասարդք վարակած են մաշողական ախտով, ո՜հ, դոցա մահ եւ գերեզման փորող ընտանիքն է։ Ի վերջոյ եթէ ժողովուրդ, կրօն, հաւատ, եկեղեցին կը թողու, Աստուածպաշտութեան պարտիքները սրտէն կը հանէ եւ կը դառնայ դէպի ջրհեղեղին դարը, ամբարիշտ կեանք կը վարէ, գիտցիր այդ ապականութիւնը Կայենի դստերաց հետեւող ընտանիքէն է։

Author's cover photo
Ամսաթիվ 16 / Մայիս / 2020 : 00-28
Հրապարակման հեղինակ՝ Maria Markosian

Լրագրող, հոդվածագիր։ Սովորել է ԵՊՀ եւ Հյուսիսային Համալսարանի լրագրության բաժնում։ Աշխատակցել է Հանրային Ռադիոյի Մանկապատանեկան եւ Մշակութային հաղորդումների խմբագրություններում, «Առավոտ» օրաթերթում, «Երկիր Մեդիա» հ/ը լրատվական բաժնում։ 2010թ.-ին սովորել է Աթենքի Ազգային եւ «Կապոդիստրիակոն» Համալսարանի ժամանակակից հունարեն լեզվի բաժնում (օտարների համար), թղթակցում է «Ազատ Օր» օրաթերթին (Հունաստան)՝ հեղինակային հոդվածներ, հարցազրույցներ, մշակութային, տեղեկատվական լուրեր։ «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միության երկար տարիների վարչական անդամ է։

Դիտվել է 17336անգամ
Վերջին լուրեր