Country Flag
Facebook logo Instagram logo
am
ru en
26 / Հուլիս / 2024 : 14-31

Դրախտի ընտանիք.Հեղինակ Խրիմեան Մկրտիչ

ԱՐՏԱՔՈՅ ԴՐԱԽՏԻՆՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ կը պատմէ թէ` երբ Տէր Աստուած դրախտի յանցաւոր ընտանիքը զրկեով անմահ եւ ազատ վիճակէն, դուրս վարեց Եդեմի դռնէն ու դրաւ զիրենք յանդիման դրախտին. այն ապերջանիկ թշուառութեան մէջ, ո՛վ կարող է նկարագրել մեր նախածնողաց սուգն, ապաշաւ եւ ցաւագին ողբ, զոր ոմն հայ երգիչ կ յօրինէ պարզ ու սրտառուչ.«Ադամ նստէր դուռն Դրախտին,«Լայր եւ ձայնէր ողորմագին.«Երէկ էի ի մէջ դրախտին,«Լցեալ լուսով Աստուածային». եւայլ. ։Այո՛, պէտք էր լային ու անմխիթար ողբային փառաց վայելչութենէն տարամերժեալ ընտանիքը, որք միմիայն պահ մի դրախտի երջանիկ կեանք համբուրելէն յետոյ` աշխարհի թշուառութեան փուշը գրկեցին, եւ այն առաւել եւս կսկիծ էր, որ աչքով մօտ կը տեսնային մի կողմ դրախտ երկնաւէտ, մի կողմ երկիր անիծեալ. մի կողմ բիւրազան ծաղկունք հոտանոյշ, մի կողմ քստմնելի տատասկ փուշ. մի կողմ ազատութիւն` Արարչին ազատ գաւազանին տակ, մի կողմ ստրկութիւն` Արարչին ազատ գաւազանին տակ, մի կողմ ստրկութիւն` աշխարհի բռնաւոր ձեռքին տակ. մի կողմ հանգիստ անաշխատ կեանք, մի կողմ քրտինք երեսաց տաժանելի վաստակ. միով բանիւ, մի կողմ անմահ կեանք ու յաւէրժական փառք, մի կողմ մահ, հող, գերեզման եւ դժոխք։Բայց իսպառ անմխիթար չէին տիրոջ ապերջանիկ ծառաները, բաւ է թէ հանդէպ դրախտին կը բնակէին, վասնզի մարդոյն խնամատար Արարիչը` խորհրդով տնօրինեց այս վիճակը, որպէսզի իւր հէք ծառաները սփոփուին, որ կենաց ծառի անմահութեան ճաշակէն զրկուած էին. գոնէ յուսով մխիթարուին տեսնալով մօտէն ազատարար կեանքը, որ կենաց ծառի բարձրածայր ճիւղերէն կախուած էր խաչանման բազուկները տարածուած յոյս կը ցոլար աչքերէն, կը հայէր առ նախածնողն Եւայ, եւ այս բան կ»աւետէր նմա. «Ես ձեր հանդերձեալ փրկիչ եւ բարեկամ եմ, պիտի գամ ու փրկեմ զձեզ, աներկբայ հաւատով սպասեցէք ինձ Երիքովի ճանապարհին վրայ, ես հոն կը գտնեմ զձեզ։ Դուք կը ցանկայիք Աստուած լինել, ես էլ այժմէն կը ցանկամ մարդ լինել։ Դու ինձ համար կոյս մի պիտի ծնանիս, Եւայ, եւ ես այն կուսէն պիտի գամ ու ծնանիմ Էմմանուէլ Աստուած. քեզ նշան կուտամ, ճանչցիր այն կոյս. նորա անունը Մարիամ է, եւ նա միայն պիտի լուծէ քո վրէժը քո թշնամի ոխերիմ օձէն»։Դրախտի ժառանգորդները թէպէտ զրկուեցան հայրենի անփուշ կեանքէն. բայց իրենց անկապտելի ժառանգութիւնն էր այն օրհնութիւնը, որով Աստուած օրհնեց իրենց ամուսնական պսակը թէ «Աճեցէք… ու լցէք երկիրը»։ Ուստի առաջին երկունքն սկսեց նախամօր Եւային, անդրանիկ որդի ծնաւ Կայէնն. եւ հետզհետէ նահապետական առաջին ընտանիքը կազմեց Ադամայ տուն` ուրիշ շատ զաւակները ծնելով։Ադամայ տունէն եւ ընտանիքէն տարածելով բարգաւաճեցան բոլոր աշխարհիս սերունդք, եւ մի ընտանիք` բովանդակ երկրագունդը այլ եւ այլ ազգերով լցուց ու զարդարեց։Չարըամ թշնամին բանսարկու օձը, մարդն ուր երթար` նա ետեւէն կը սողար, դրախտէն ելաւ, Ադաամայ տունը մտաւ. եւ իւր բնածին չարութեան նպատակն էր խաղաղ ընտանիքը խռովել, նախանձ եւ ատելութիւն փչել նոցա սիրտը` թէ հնար լինէր. նա կը կամէր ամբողջ Ադամայ տուն եւ ընտանիքը կռուով սպանութեամբ սպառել։ Նա թոյն թափեց նախ Կայենի ոխակալ սիրտը` հարազատը հարազատին դէմը զինեց, նախաձեռն սպանութեան ոճիրը. առաջին ընտանեկան սուգ, առաջին մահն ու գերեզման, առաջին անգամ մտոյց Ադամայ տունը։ Մեծ նախածնողք կոծելով լացին, անմեղ Աբելին վերայ, իրենց ձեռքով փորեցին դժոխքին փոսը, ու իրենց աչքով տեսան առաջին նուագ չարաշուք մահուան սեւ դէմքը եւ գերեզմանին սոսկալի ստուերը։Լացին միանգամայն, Կայէնի ապիրատութեան վերայ մինչեւ Ղամեքայ նետը Աբելի անպարտ մահուան վրէժ լուծեց։Ադամայ տուն եւ ընտանիքը անմխիթար սրտով ու սգով կ»անցնէին դառնաբեր օրերը, մինչեւ ծնաւ մխիթարութեան որդին Սէթ նահապետը. որ իսկական նախատիպար էր Աստուածորդւոյն. եւ ինչպէս Սեթայ սերունդը Աստուծոյ որդիք կոչուեցան. Քրիստոս եւս իւր հաւատացեալ որդիքները այդ բարձր անունով կոչեց։ Աստանօր նկատել արժան է Կայենի տան ընտանիք Սեթայ տան ընտանիքը։ Երկիւղած եւ աստուածապաշտ Սէթը իւր սերնդոց առաքինութեան օրինակ եւ դաստիարակ կը հանդիսանայ. իսկ Կայէն, ագահ ինքնասէր ու վայրագ մշակը` չարութիւնը կը սերմանէ ընտանեկան անդաստանին մէջ, մեծամեծ հսկաները կը բուսնին, որք աճելով զօրանալով, հեղձուցին Սէթ նահապետի բարեբոյս ծաղիկները. եւ նորա ընտանեկան անխառն անդաստանը` խառնագնաց անառակութեամբ ապականեցին։ Աստուծոյ որդիքները խնամութեան խառնուելով Մարդկան որդւոց հետը` գայթակղութեան չարութիւնը զբարին յաղթահարեց. որով այս երկու սերնդոց խառնածնունդ զաւակները միահամուռ մոլորեցան Աստուածապաշտ նահապետաց ուղիղ ճանապարհէն։Սեթայ եւ Կայենի ցեղերուն այս նշանաւոր դէպքը ճշգրիտ ու անվրէպ օրինակ կ»ընծայէ մեզ` չարերուն հետը չընտանենալ, եւ ոչ իսկ խնամութեամբ ազգակցութիւն կապել։ Չարերը միշտ մարդկային ընկերութեան գայթակղութիւն են, եւ միշտ կան ու կուգան մեր կենաց ճանապարհին վրայ. յորմէ խուսափիլ անկարելի է. զի ասաց Քրիստոս. «Ոչ է մարթ չգալ գայթակղութեան»։ Ուստի ամենայն խնամով զգուշանալ պէտք է, մանաւանդ ընտանեկան կապակցութեան մէջ։ Մովսէս Աստուածախօս օրէնքներով պատուէր կուտար Իսրայէլի որդիներուն չխառնակել հեթանոսաց հետը. նոյնպէս եւ Յիսուս իւր Աւետարանով անդադար կը քարոզէ Եկեղեցւոյ որդւոց զգուշանալ չարերու գայթակղութենէն։Աստուած երբեմն չարերու մէջէն եւս բարին կը հրաշագործէ, եւ նա է, որ կը հանէ պատուականն յանարգէն. վասն զի Սեթայ ցեղի մոլորուած զաւակներէն Ենովս նահապետ իբրեւ բարի շառաւիղ կը հանդիսանայ Սէթ նախահօր Աստուածապաշտութեան արմատին վերայ. եւ մինչդեռ նախադարուն զեղծեալ մարդիկ Աստուծոյ տեսչութենէն յուսահատեալ անտէրունչ եւ առանց օրինաց կը շրջէին` օրըստօրէ վատթարանալով ամբարիշտ գործոց մէջ, Ենովս միայն յուսացաւ կոչել զԱստուած. ինչպէս կը վկայէ Սուրբ գիրք։ Մարդիկ իրենց թանձր մոլութեան մէջ մոռցէր էին Աստուծոյ սուրբ անունը եւ նորա արարչական խնամք` երբ տակաւին ողջ էին Ադամ, Սէթ եւ Ենովս նահապետները. որք իբրեւ կենդանի քարոզ եւ օրինակ բաւական չեղան Աստուածապաշտութեան յիշատակը անմոռաց պահել ընտանեկան կեանքին մէջ։ Շատ զարմանք է որ Սուրբ գիրքը առանց յիշատակութեան անցած է եւ բնաւ չի յիշեր կնոջ մի անունը, որ երկիւղած բարեպաշտութեամբ հանդիսացած լինէր նա ընտանեկան կեանքին մէջ ինչպէս Աստուածահաճոյ նահապետներ։Ենովսէն յետոյ չնաշխարհիկ առաքինութեամբ բարձրացաւ Ենովք նահապետ. որուն համար Սուրբ Հարց կարծիքն է, թէ նա ժուժկալութեան մէջ գերազանցելով հաճոյացաւ Աստուծոյ եւ իր անժուժկալ նախածնողաց պարտքը վճարեց լիովին։ Ուստի վերին նախախնամութիւնը փոխեց զինքն երկնային Դրախտն. հանեով ամբարիշտ մարդոց կարգէն արդարոյն կեանքը. որպէս զի մարդկանց չարութիւնը նորա լուսաւոր վարքը չաղարտէ։Սուրբ Գիրք` առաջին դարուն վերջի նահապետ եւ երկրորդին սկզբնահայր Նոյ վկայութեամբ կը հռչակէ, արդար ու կատարեալ կոչելով զինքն իւր ազգատոհմին մէջ։ Նոյին ժամանակը երկիրն ամբողջ ապականուած էր չարութեամբ. այլեւս չկարաց հանդուրժել Տէր Աստուած, ահաւոր աչքով դիտեց երկնքէ` երկրի ամբարշտութեան վերայ. մարդոց ապիրատ գործքերը չափելով ասաց թէ «Ժամանակ ամենայն մարդոյ հասեալ է առաջի իմ». որով ցոյց կուտայ թէ առ հասարակ մարդկային ընտանիքը, հաւատք եւ Աստուծոյ ոգին մերժելով շաղախուած էին մարմնապաշտ մոլութեանց մէջ. երկնից արդարութիւնը պատուհաս ածելով պիտի ջնջէր ու բառնար իրենց կեանքը։ Ուստի Նոյ նահապետ եւ իր ընտանիքը միայն որոշելով ապականեալ մարդոց ընտանիքներէն, փակեց զինքն հրաշակերտն տապանին մէջ, ջրահեղձ առնելով կորոյս մարդկութեան սերունդը աշխարհիս երեսէն, միայնակ արդար Նահապետին տունը պահելով` բաւական համարեց զայն. որ երկրորդ դարուն սկիզբն մարդկային նոր սերնդոց նախահայր անուանուեցաւ։Նոյայ տապանին նաւապետ Աստուածային տեսչութիւնն էր, որ վարելով զայն առանց ղեկի բերաւ հասոյց Այրարատայ լերանց վերայ Մասիսին բարձր գլուխ նաւահանգիստ կազմեց։ Ծովացեալ ջրհեղեղ կը ցամքի երկրիս երեսէն, ջրասոյզ կը ջնջուին նաեւ իսպառ մարդիկ եւ իրենց ամբարշտութեան գործքերը։Սուրհանդակ Աղաւնին ձիթենին կանանչ ճըղիկ մի նշան բերելով կ»աւարտէ թէ պատուհասի ձմեռն անցեր է, գարուն եկել է աշխարհ։ Նոյ նահապետ իւր աղջ ընտանեօք տապանէն դուրս կ»ելնէ, եւ կ՚իջեւանի նախ նոյն Մասիսի կողերուն վերայ. յորում իւր վաղեմի ուխտին հաճոյական զոհ մատուցանելով` կ»ողոքէ զԱստուած ՚ի հաշտութիւն։ Եւ ահա Ծիրանի գօտին կամար կը կապէ Այրարատեայ աշխարհին վերայ, ձգելով մէկ ծայրն ՚ի Մասիս եւ միւսն յԱրագած։Աստուած Արդարոյն հետը յաւիտենական ուխտ կը կնքէ այլեւս չապականել երկիրը ջրհեղեղի պատուհասով։։ Վաստակաւոր նահապետ յիշելու իւր արդար մշակութեան արուեստը, Մասեաց արեգդէմ դարեւանդին վերայ մի այգի կը տնկէ իւր ձեռքով, եւ օր մը կարբենայ գինւով, համեստ ծերունին գլուխ Մասեաց թեւին վերայ դնելով կը ննջէ եւ հովը կը հոլանէ նորա հանդերձը։ Քամ կրտսեր որդին կը տեսնայ զայն, ծանակելով կը ծիծաղի. Սեմ ու Յաբեթ պատկառանօք կը ծածկեն իրենց հօր առականքը. ծեր Նահապետը կը զարթնու եւ կ»զգայ. կ»անիցէ Քանան մանուկը, եւ կ»օրհնէ Սէմ ու Յաբեթ։Նահապետական ընտանեաց մէջ շատ նշանաւոր էր ծնողաց յարգանք ու որդւոց պատկառանք. երանի՜ թէ այս վսեմ առաքինութեան օրինակը եւ յիշատակը Յաբեթի տան անցեալ եւ ներկայ որդիներ անմոռաց պահէին միշտ ընկերական կեանքին մէջ, զոր չի մոռնար Մովսէս պատմել Սուրբ Գրոց կարգին հետը. ցոյց տալով թէ քանի՞ պատկառանաց ու համեստութեան շնորհ կը փայլէր Նահապետաց ընտանեկան կեանքին մէջ։
Դիտվել է 5979անգամ
Վերջին լուրեր