10 / Օգոստոս / 2021 : 20-17
«Հայկական զօրակցութիւն՝ Յունաստանի ահաւոր հրդեհներուն...».

«Ազատ Օր»

Յունաստանի ահաւոր հրդեհները


Հայկական զօրակցութիւն՝ Յունաստանի ահաւոր հրդեհներուն համար

Օգոստոսի առաջին տասնօրեակին՝ Աթէնքի, Էվիայի, Օլիմպիայի, Արգատիայի եւ այլ շրջաններու մէջ բռնկած 586 մեծ հրդեհները հսկայական անտառային տարածքներ այրեցին, իրենց հետ տանելով անթիւ հարստութիւններ՝ բնակարաններ, գործատեղիներ, մշակուած տարածքներ, արօտավայրեր, անտուն եւ գործազուրկ թողելով հազարաւոր մարդիկ, մինչ այդ շրջաններու տնտեսութիւնն ու զբօսաշրջութիւնը խորապէս քայքայուեցաւ, տեղական բնակչութեան յուսալքութեան ընդհանուր մթնոլորտին մէջ։

Նշենք, որ Աթէնքի եւ Էվիայի հրդեհները մարելու ժամանակ արկածի հետեւանքով երկու կամաւորներ իրենց կեանքը կորսնցուցին։

Աթէնքի հիւսիսային արուարձաններու գեղատեսիլ տեսարանը, իր անտառային բնութեան գեղեկցութեամբ, քանի մը օրուան մէջ մոխիրի վերածուեցաւ, դժոխային պատկեր մը ներկայացնելով։Այդ զմայլելի բնութեան մէջ գոյութիւն ունին նաեւ հայերու բնակարաններ, որոնք բացի մէկ կամ երկու պարագաներէ, ուր կարելի եղաւ հրդեհին յառաջխաղացքը կասեցնել, այլ թաղամասերու մէջ հայկական բնակարանները վնասներ չկրեցին։

Հրդեհներու ահաւոր տեսարանները տարածուեցան ամբողջ աշխարհին վրայ, ցոյց տրուեցան լրատուական միջոցներուն կողմէ, իսկ Եւրոպական միութեան կառոյցները փութացին օգնութիւն տրամադրել՝ թէ՛ մարդուժի, թէ՛ հրշէջ միջոցներու Յունաստան անմիջական առաքումով։
Արկախուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական բանակումը

Ամիսներէն ի վեր ծրագրուած Հ.Մ.Ը.Մ-ի սկաուտական բանակումը, որ պիտի մեկնարկէր Երկուշաբթի՝ 9 Օգոստոս 2021-ին «Այիոս Անտրէաս»ի սկաուտական բանակավայրէն ներս, չիրագործուեցաւ հրդեհներուն պատճառով: Ծանօթ է, որ պետական որոշումով, Ատիկէի անտառային բոլոր շրջանները փակ մնացին, որոնց մէջ արգիլուեցաւ որեւէ մարդկային ներկայութիւն: Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութիւնը եւ Սկաուտական խորհուրդը նկատի առնելով այս զարգացումը որոշեցին ստիպողաբար առկախել այս տարուան բանակումը:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Անմիջական եղաւ հայկական զօրակցութիւնը, որ արտայայտուեցաւ Հայաստանի եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ, ինչպէս նաեւ յունահայ գաղութի կառոյցներէն, որոնք իրենց գործնական մասնակցութիւնը բերին հրդեհէն տուժածներու կարիքներուն առնչութեամբ։


Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ուղերձը

Հրդեհներու ամէնէն թէժ օրերուն, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Թուիթըր»ի վրայ հրապարակեց զօրակցական գրութիւն մը, վշտակցութիւն յայտնելով Յունաստանի ժողովուրդին՝ անտառային հրդեհներու պատճառած վնասներուն համար։«Խորապէս վշտացած ենք Յունաստանում բռնկուած անտառային հրդեհների մասին լուրերից: Հայաստանն իր համերաշխութիւնն ու զօրակցութիւնն է յայտնում եղբայրական ժողովրդին այս անհանգստացնող ժամանակներում», ըսուած է Հայաստանի Ա.Գ.Ն. «Թուիթըր»ի էջին վրայ լոյս տեսած գրառումին մէջ։

Արամ Ա. Կաթողիկոսի զօրակցական նամակները

Երկուշաբթի՝ 9 Օգոստոս 2021-ին, Յունաստանի նախագահին, վարչապետին եւ արքեպիսկոպոսին յղած իր նամակներուն մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը իր ցաւն ու մտահոգութիւնը յայտնեց վերջերս Յունաստանի մէջ պատահած մեծածաւալ հրդեհներուն գծով։ Նորին Սրբութիւնը միաժամանակ յայտնեց, որ իր աղօթքներուն մէջ կը յիշէ հրդեհներուն պատճառով զոհ գացած յոյն ժողովուրդի զաւակները։


Գործնական աջակցութիւն՝
Հ.Կ.Խաչի, Հ.Գ. Խաչի եւ Հ.Յ.Դ. Երիտ. միութեան կողմէ

Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչը եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութիւնը իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին երկրի զանազան շրջաններուն մէջ յայտնուած աղէտալի հրդեհներէն տագնապող ընտանիքներուն եւ հրդեհները մարելու համար հերոսաբար պայքարող հրշէջներուն:

Այսպէս, Հ.Կ.Խ.ի Շրջանային վարչութիւնը 500 եւրօ, իսկ Հ.Յ.Դ. Երիտ միութեան Կեդր. վարչութիւնը 200 եւրօ տրամադրեցին «Աշխարհի Դեղագործներ» բարեսիրական միութեան, որ արագօրէն նախաձեռնեց օգնութիւն հաւաքելու աշխատանքին:

Նաեւ, Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հ.Գ. Խաչի Շրջ. Վարչութիւնը 500 եւրօ տրամադրեց Յունաստանի Կարմիր Խաչին։

Գումարները յատկացուեցան օգնութիւն հասցնելու համար հրդեհներէն վնասուած քաղաքացիներուն, անոնց անմիջականօրէն ապահովելով ուտեստեղէն, դեղորայք եւ այլ կենսական իրեր, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ պիտոյքներ՝ հրշէջ խումբերուն համար:

Ազգային վարչութեան օգնութեան ծրագիրը

Յունահայոց Ազգային վարչութիւնը անմիջական կապ ստեղծելով Կեդրոնական Յունաստանի մարզպետութեան (Περιφέρεια Στερεάς Ελλάδος) հետ, ըստ ճշդուած կարիքներուն, որոշեց անմիջական անհրաժեշտութեան զանազան իրեր տրամադրել մարզպետութեան, որոնք պիտի բաժնուին Էվիայի մէջ գործող յոյն եւ օտար հրշէջ միաւորներուն եւ շրջանի կարիքաւոր ժողովուրդին։

«Ազատ Օր» օրաթերթ
Աթենք, Հունաստան
10 Օգոստոս 2021




Author's cover photo
Ամսաթիվ 10 / Օգոստոս / 2021 : 20-17
Հրապարակման հեղինակ՝ Maria Markosian

Լրագրող, հոդվածագիր։ Սովորել է ԵՊՀ եւ Հյուսիսային Համալսարանի լրագրության բաժնում։ Աշխատակցել է Հանրային Ռադիոյի Մանկապատանեկան եւ Մշակութային հաղորդումների խմբագրություններում, «Առավոտ» օրաթերթում, «Երկիր Մեդիա» հ/ը լրատվական բաժնում։ 2010թ.-ին սովորել է Աթենքի Ազգային եւ «Կապոդիստրիակոն» Համալսարանի ժամանակակից հունարեն լեզվի բաժնում (օտարների համար), թղթակցում է «Ազատ Օր» օրաթերթին (Հունաստան)՝ հեղինակային հոդվածներ, հարցազրույցներ, մշակութային, տեղեկատվական լուրեր։ «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միության երկար տարիների վարչական անդամ է։

Դիտվել է 10219անգամ
Վերջին լուրեր