15 / Օգոստոս / 2021 : 10-10
«Մի՛ վախնար Մարիամ, որովհետեւ Աստուծմէ շնորհք գտար» (Ղուկ. 1.30)։
ՀԵՂԻՆԱԿ՝ ՄԱՐԻԱ ՄԱՐԿՈՍՅԱՆ

ԿԸ ՓՉԷՐ ԶՈՒՌՆԱՆ, ԿԸ ԹՆԴԱՐ ԹՄԲՈՒԿԸ, ՇՈՒՐՋՊԱՐԸ...

«Մի՛ վախնար Մարիամ, որովհետեւ Աստուծմէ շնորհք գտար» (Ղուկ. 1.30)։

... Եւ մայրերը որպէս գործակիցները Աստուծոյ արարչագործութեան՝ կեանքի ծնունդի ստեղծագործ զօրութիւններն են՝ միշտ լսելով Տիրոջ ձայնը. «Աճեցէք եւ բազմացէք»։
Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին օրուան խորհուրդը՝ Աստուածամօր մարմնապէս երկինք փոխադրուելու հրաշալի եւ եզակի դէպքի ոգեկոչումն է։
Օրհնեալ կինը, տիպար մայրը բոլոր կանանաց մէջ. կնոջ սկզբնական կոչումն է՝ մայրութիւն։

Քրիստոնէութեան ընդունումից յետոյ
յայտնի է, որ օգոստոսեան տօներէ ամենամեծ ժողովրդականութիւն վայելող Նաւասարդը հայերը կը շարունակէին նշել որոշ շրջաններու, մինչ 20-րդ դարի սկիզբը։
Հին տարիներուն Հայկի եւ Բելի պաշտամունքէն զատ, կը յիշէին ու կը փառաբանէին հին աստուածներուն։
Այսպէս, մայրական ջերմութեան, բերկրանքի խորհրդանիշ դիցուհի Մայր Անահիտին վերագրուող հաւատալիքներն ու աղօթքները քրիստօնէութիւնը ընդունելէ ետք՝ ուղղուեցաւ դէպի Սուրբ Աստուածամայրը։ Նաւասարդեան տօնակատարութիւնները Անահիտ դիցուհուն նուիրուած մեհեաններուն կը կատարուէին, ապա, քանդուելէ ետք, տեղւոյն կառուցուեցան Սուրբ Աստուածամօրը նուիրուած տաճարներ եւ մարդիկ ուխտի կ'երթային դէպի նոյն վայրերը, բայց այլեւս՝ Աստուածամօր ուխտավայրը, տաճարը, կը նշէին ոչ թէ Նաւասարդը, այլ Սուրբ Մարիամ Աստուածածնոյ Վերափոխման տօնը։


Հայկական աւանդութիւններուն եւ մեր արմատներուն յատկապէս կը կապէ Աստուածամօր նուիրուած մեծարանքի այս տօնը։ Ըստ աւանդութեան, հայ մարդը իր քրտինքին ամենէն ազնիւ պտուղը այդ օրը կ'ընծայէ Աստուծոյ եւ Սուրբ Պատարագի աւարտին մեր եկեղեցինրու խորաններուն կը կատարուի խաղողօրհնէք։
Նախապէս քահանան խաղողի այգիները այցելելով՝ մկրատով կը կտրէ ողկոյզ մը եւ բարձրացնելով այն դէպի արեւը՝ կ'օրհնէ. «Երկնքի լոյս թուխ մանուկներէն ցօղուած են մեր այս այգու ողկոյզները։ Աստուած օրհնեց մեր այգիները Նոյի տապանով, Մովսէսի տապանակով, Քրիստոսի Սուրբ Խաչով, Աստուածածնոյ արցունքով, Լուսաւորչի լոյս հաւատով, հաց ու գինի, Տէր կենդանի։ Մեր այգի­ներն ալ միշտ պիտի դալար ըլլան, ողկոյզները՝ միշտ անսպառ»։ Ապա արդէն օրհնուած խաղողի ողկոյզները կը տանին ուխտա­վայրեր։ Նոյն օրհնուած խաղողէն ալ կը պատրաստուի այդ տարուայ անուշ գի­նին։
Ժողովրդական սովորոյթի համաձայն, ինչպէս ընդունուած չէր խնձոր ուտելը մինչեւ Վարդավառի տօնը, այնպէս ալ խաղող չէին ուտեր մինչեւ Խաղողօրհնէք։
Տօնակատարութիւնը Հայաստանի զանազան վայրերուն մէջ որոշ տարբերութիւններ ունէին. ձէթով հաց (բոկեղ) կը թխէին, սմբուկով ու սիսեռով ճաշ կ'եփէին։ Կերակրատեսակներուն մէջ յատկապէս աչքի կը զարնէր պտուղներու առատութիւնը, կաթնասերը, գաթան, հալվան եւ անշուշտ՝ մատաղի միսը։
Տօնական տրամադրութեամբ՝ օրերով կը պատրաստուէին օգոստոսեան ուխտագնացութեան։ Մինչեւ տարեցները մատաղ կ'եփէին, երիտասարդները կը խաղային լախտի, ըմբշամարտ, գօտեմարտ։
Օրհնուած մատաղը կը բաժնուէր ուխտաւորներուն եւ խնճոյքը կը սկսուէր. ծառին տակ կը փչէր զուռնան, կը թնդար թմբուկը, շուրջպարը...
Դիտվել է 13393անգամ
Վերջին լուրեր